2014-06-04 13:11:06

Մամլոյ Ասուլիս ներկայացնելու` Վատիկանի մէջ կայանալիք ''խաղաղութեան ի սպաս'' աղօթքի ձեռնարկը։


Ուրբաթ, 6 Յունիս 2014-ի ժամը 1-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրով, յառաջիկայ` Կիրակի 8 յունիսի յետմիջօրէին կայանալիք, Իսրայէլի նախագահ` Շիմոն Փերեսի եւ Պաղեսինի նախագահ` Մահմուտ Ապպասի ներկայութեամբ, խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումը։
Մամլոյ ասուլիսը կը ներկայացնեն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին եւ Սուրբ Երկրի Պահակ Հայր Փիէրպաթթիսա Փիցցապալլան։
Յայտնենք որ անցեալ 24 – 26 Մայիս Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղած էր Պաղեստին եւ Իսրայէլի նախագահներուն, Վատիկանի մէջ հանդիպելու ու միասնաբար հայցելու խաղաղութիւնը։
''Այս վայրին մէջ ուր ծնած է խաղաղութեան իշխանը – ըսած էր Նորին Սրբութիւնը - ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով խաղաղութիւնը։ Ձեր տրամադրութեան տակ կը դնեմ իմ տունս` Վատիկանը միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։ Ան ապա ընդգծած էր թէ Ժողովուրդներու կառավարիչները ''պարտականութիւնն ունին ըլլալու խաղաղութեան գործիքներ եւ կերտիչներ, յատկապէս աղօթքով'' թէեւ մատնանշած էր Սրբազան Հայրը ''Խաղաղութեան կերտումը դժուար է, սակայն անխաղաղ կեանք ապրիլը չարչարանք է'' Ան ապա յնձնարարած էր թէ ''Երկրի բոլոր մարդիկը մեզմէ կը խնդրեն Աստուծոյ առջեւ դնելու իրենց խաղաղութեան ձտգող ցանկութիւնները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.